
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Պեսկով յայտարարած է թէ Ռուսիա կը մտադրէ իր յարաբերութիւնները զարգացնել Հայաստանի հետ, կը յայտնէ Ռիա Նովոստին։
«Բացի բազմակողմ ձեւաչափերէ, մեզ կը միաւորեն նաեւ շատ սերտ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ մենք մտադիր ենք անոնք ալ աւելի զարգացնել», – ըսած է Պեսկով «Մայակ» ռատիոկայանին։







Մեկնաբանէ