
Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Դամասկոսի մէջ գտնուող Սուրիոյ բանակի սպայակազմի կեդրոնատեղին։
Syria TV հեռուստատեսութեան թղթակիցը յայտնած է որ երկու յաջորդական պայթիւնի ձայներ լսուած են, որոնք համընկած են մայրաքաղաքի վրայով իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքի թռիչքի հետ։ Սակայն ծուխ կամ անսովոր շարժում չէ նկատուած։
SANA գործակալութեան թղթակիցն եւս յայտնած է որ Դամասկոսի մէջ պայթիւն լսուած է, որուն հանգամանքները կը ստուգուին։
Այս յարձակումներէն քիչ առաջ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Կաց զգուշացուցած էր Իսրայէլ պիտի շարունակէ հարուածել Սուրիոյ, եթէ սուրիական բանակը չհեռանայ Ալ Սուէյտա քաղաքէն։ Ան նաեւ յայտարարած էր որ Իսրայէլ առանձին չի ձգեր տիւրզիներուն։







Մեկնաբանէ