
Հոկտեմբեր 2024ին, «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած «Կանխելով Նոր Ալեքսանդրապոլ Մը» յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի հայկական պետականութեան փխրուն բնոյթին՝ շեշտելով, որ առանց քաղաքական համաձայնութեան եւ ռազմավարական մտածողութեան երկիրը կրնայ կրկնել իր անցեալի ողբերգական էջերը։
Այսօր՝ 2020ի կործանարար 44օրեայ պատերազմէն հինգ տարիներ եւ 2023ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումէն շուրջ երկու տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ ճգնաժամը կը շարունակուի ոչ միայն գործնական մակարդակի, այլեւ՝ հայ քաղաքացիներու մտածողութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։
Վերջին տարիներու դէպքերուն խոր վէրքերը վիրաւորած են ազգը։ Կեանքերու, հողերու եւ ապահովութեան զգացումի կորուստները ստեղծած են քաղաքական եւ զգացական անդամալուծութիւն մը։ Բայց, պահուն ծանրութեան դէմ կանգնելու փոխարէն՝ Հայաստանի քաղաքական դասը շարունակեց բեկուիլ։ Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ Յունիս 2021ին, դարձեալ մեծամասնութիւն կազմեց խորհրդարանին մէջ (հակառակ իր կրած ծանր զինուորական պարտութեան), ձախողած է իր խոստումներու իրականացման մէջ, ներառեալ՝ բարեփոխումներու, կայունութեան, խաղաղութեան եւ ազգային վերակերտման։ Իսկ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղային զտման իրենց արձագանգը՝ ծայրայեղ անբաւարար էր։
Նոյն ատեն՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չկրցաւ միաւորուիլ բաւարար հաւատալի եւ վստահութիւն ներշնչող քաղաքական ուժի մը մէջ։ Հակառակ բողոքի ցոյցերուն եւ իմփիչմենթի (անվստահութիւն յայտնելու) կոչերուն՝ անոնց ուղերձները մնացին ցրուած, իսկ դաշինքները՝ փխրուն։ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքները անկարող եղան (ժողովուրդին կողմէ) հասկնալի յստակ ռազմավարութիւն մը առաջադրելու։
Վերակառուցման եւ կազդուրման քաղաքականութեան փոխարէն՝ ականատես կ՛ըլլանք մեղադրանքներու քաղաքականութեան մը, որ շատ յաճախ կը բորբոքի եսասիրութեան եւ ժառանգութեան մարտերու մրցակցութեամբ։ 2020ի պատերազմիn, Արցախի անկումին կամ Հայաստանի աճող մեկուսացման m15 մեղադրանքները կը շարունակուին, մինչ ազգային պատասխանատուութեան զգացումը շատ յաճախ կը փոխարինուի աղմուկով։
2021ին, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդէս եկաւ հետաքրքրական առաջարկով մը, որ` երեք նախկին նախագահները ընտրական դաշինք մը կազմեն՝ ոչ թէ անձամբ առաջադրուելու համար, այլ ընդդիմութիւնը միաւորելու եւ կայունացնելու նպատակով։ Առաջարկը մերժուեցաւ Ռոբերտ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին կողմէ, որոնք որոշեցին առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն՝ ստանալով համապատասխանաբար 29 եւ 7 աթոռներ եւ խորհրդարան մուտք գործելով` իբրեւ փոքրամասնութիւն։ Իսկ Տէր Պետրոսեանի կուսակցութիւնը ընտրական շեմը չյաղթահարեց։
Պատմութիւնը անկասկած պիտի վերլուծէ 2021ին չմիաւորուելու եւ ամբոխահաճոյ (populist) «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անպատասխանատու ուղին արգելակելու ձախողութեան հետեւանքները։ Այդ պահը անցաւ, սակայն այդ ոգին այսօր եւս արդիական է։ Երբեմն իմաստութիւնը իշխանութեան վերադարձին մէջ չէ, այլ՝ գոյատեւման նպատակով ուրիշներու համագործակցութեան աջակցելուն մէջ։
Այսօր, Հայաստան կը գտնուի առաւել վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ։ Ռուսիոյ եւ հաւաքական Արեւմուտքի միջեւ համաշխարհային մրցակցութիւնը կը շարունակէ վերաձեւակերպել տարածաշրջանը։ 2024ի վերջաւորութեան Սուրիոյ փլուզումը եւ Իրան-Իսրայէլ 12օրեայ պատերազմը կարծես անկայունութիւնը աւելի մօտեցուցած են Հայաստանի սահմաններուն։
Կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը պահանջեն համախմբում, այլ ոչ թէ՝ բաժանում. Փախստականներու կարիքները, բանակի բարեփոխումները, ազգային ապահովութեան եւ դիւանագիտական ռազմավարութեան մշակումը։ Նոյնիսկ եթէ ամբողջական քաղաքական միասնութիւնը հասանելի չէ, ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ հիմնական ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ հաւաքական գիտակցութիւն յառաջացնելը կարելի է։ Այդ մէկը կը պահանջէ հասունութիւն եւ հետեւանքներու գիտակցութիւն։
Այսօր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, հայ քաղաքական միտքը կարելիութիւնը ունի անհատական շահերէն եւ իշխանութեան պայքարներէն վեր կանգնելու ։ Փոխարէնը անիկա կրնայ կեդրոնանալ Հայաստանի համար նուազագոյն ազգային համաձայնութիւն մը ձեւաւորելուն վրայ՝ կարմիր գիծերու, առաջնահերթութիւններու եւ արժէքներու լայն ընկալումով, որոնք կրնան առաջնորդել որեւէ կառավարութեան մը՝ առանց կապուած ըլլալու զայն ղեկավարող անհատի մը։ Խօսքը կարգախօսներու մասին չէ, այլ՝ լուռ յստակութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան մասին է։
Այսպիսի համաձայնութիւն մը կրնայ վահան հանդիսանալ շտապ կամ վատ մտածուած համաձայնագիրներուն դէմ։ Ատրպէյճանի հետ հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագիրը թերեւս ցանկալի ըլլայ հայերուն մեծամասնութեան համար, բայց ոչ այնպիսին, որ կը բանակցուի անպատասխանատու կերպով կամ ամէն գնով։ Ընդդիմութեան միացեալ ձայնը ռեվանշիզմ՝ վրէժխնդրութիւն չէ, այլ՝ բնակչութեան կարեւոր եւ աճող հատուածի կարծիքին արտացոլումը։ Այդպիսի ձայն մը կրնայ նպաստել գործընթացը ուղղելու դէպի ազգային արժանապատւութիւն եւ երկարաժամկէտ կայունութիւն։
Վերջին հարցազրոյցներուն եւ հրապարակումներուն մէջ Լիհայի համալսարանի փրոֆեսէօր Արման Գրիգորեան զգուշացուց Հայաստանի անվտանգութիւնը աճող վտանգներուն մասին։ Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ հետ լարուածութեան սրման հետեւանքները կրնան ըլլալ այնպիսին, որոնց պատրաստ չէ Հայաստան։ Իսկ իշխող կուսակցութեան այն ենթադրութիւնը, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի լուծէ Հայաստանի ապահովութեան ընդհանուր ճգնաժամը՝ ըստ Գրիգորեանի՝ չափազանց լաւատեսական է։ Ան կը մատնանշէ, որ յեղափոխական կառավարութիւնները յաճախ յառաջացնեն անփորձ անձեր, որոնք մեծ խաղադրույքներ կը կատարեն խաղաղութեան կամ պատերազմի հարցերու վերաբերեալ՝ առանց երկարաժամկէտ հետեւանքները լրջօրէն գնահատելու։ Մեծցող տարածաշրջանային անկայունութեան պայմաններուն մէջ, չափաւոր եւ իրատեսական դիրքորոշումը կրնայ Հայաստանի համար աւելի մեծ ճկունութիւն ապահովել, քան գաղափարախօսական եռանդը կամ միակողմանի քայլերը։
Հակառակ անոր որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ վերջերս գործադրուած ճնշումներուն դէմ դիմադրութեան կոչերը հիմնաւորուած եւ անհրաժեշտ են, այնուամենայնիւ անոնք բաւարար չեն։ Այսօր, պէտք են լուրջ եւ համակարգուած ջանքեր՝ բաժանուած ընդդիմադիր ուժերը վստահութիւն ներշնչող քաղաքական այլընտրանքի մը մէջ միաւորելու համար։ Առանց նպատակի միասնութեան եւ ռազմավարական համակարգումի՝ առանձին ցոյցերը եւ արձագանգային պոռթկումները չեն կրնար փոխել երկրին ներկայ ուղղութիւնը կամ ապահովել ժողովրդավարութեան հետագայ նահանջէն եւ ռազմավարական սխալներէն նշանակալի պաշտպանութիւն։
Միաւորուած ընդդիմութիւնը կրնայ աւելին առաջարկել, քան՝ սոսկ մարտավարական արձագանգ մը կառավարութեան դէմ՝ փոխանցիկ քաղաքական շրջանակ մը ստեղծելու հնարաւորութիւն, որ հիմնուած է իրատեսութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ։ Անիկա ոչ միայն չի փոխարիներ ժողովրդավարութիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ քաղաքական խօսոյթի-քաղաքական երկխօսութեան գործելու նշաձողը: Այդպիսի շրջանակ մը՝ օգտագործելով Հայաստանի քաղաքական դաշտի բազմազան դէմքերը, միջոցները եւ աւանդութիւնները՝ կրնայ նպաստել ազգային ուղղութեան վերագտնման եւ համակարգուածութեան ու նպատակայնութեան վերականգման։ Անիկա կրնայ վկայել, որ այս փոքր երկիրը կը կարենայ դիմագրաւել մարտահրաւէրները, ոչ թէ պառակտումի, այլ՝ կարգապահ համագործակցութեան միջոցաւ։ Անիկա կրնայ դարձեալ ազգին ուշադրութիւնը վերակեդրոնացնել Հայկական Ազգային Ծրագիրին՝ անաւարտ մնացած առաքելութեան վրայ, որ կայ գերիշխանութեան, գոյատեւման եւ ինքնայարգանքի համար մղուող տեւական եւ ծախսալից պայքար մը, որ ընթացաւ նախորդ 150 տարիներուն ընթացքին:
Եթէ հայ քաղաքական աւագանին՝ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Սփիւռքի մէջ, շարունակէ անտեսել Հանրապետութեան գոյատեւման սպառնալիքները եւ չկարենայ կեդրոնանալ պարզ ազգային առաջնահերթութիւններուն վրայ՝ պատմութիւնը կրնայ հետեւանքները չներել։
Պետականութիւն չունեցող ժողովուրդներ՝ ինչպէս քիւրտերը եւ ասորիները, ցաւոտ յիշեցում են, թէ՝ ի՛նչ կարելի է կորսնցնել, երբ մասնատումը կը յաղթէ տեսլականին։
Այս վճռորոշ պահուն, Հայաստան աւելի բարձր ձայներու կարիքը չունի՝ այլ առաւել իմաստուն ձայներու։
Ռաֆֆի Արտալճեան
Ասպարէզ
14 Յուլիս 2025







Մեկնաբանէ