Երիտասարդ բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանը «Իմ Հայկական Ուրուականները» համամարդկային եւ շատ անձնական ֆիլմով հանդիսատեսին հնարաւորութիւն կու տայ երթալ հայկական ֆիլմաշխարհի ակունքներ, ճամբորդել հերոսներու հետ եւ վերադառնալ մեր օրեր։

Ստեփանեանի վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած Պերլինի ֆիլմի փառատօնին, իսկ այս տարի ցուցադրուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս։

«Իմ Հայկական Ուրուականները» ֆիլմի առանցքը Թամարա Ստեփանեանի ընտանիքն է։ Ան զուգահեռներ կ՛անցկացնէ իր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան միջեւ՝ յուսալքութիւն, տարագրութիւն, վերադարձ եւ հաւատք դէպի լուսաւոր ապագայ։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ