
Սուրիոյ Ալ-Սուէյտա նահանգին մէջ, որուն բնակիչները տիւրզիներ են, բախումներ տեղի ունեցած են ցեղախումբերու եւ տեղի բնակիչներուն ինքնապաշտպանական ուժերուն միջեւ, որոնց հետեւանքով 30 հոգի սպաննուած է եւ 100 հոգի՝ վիրաւորուած, կը յայտնէ Syria TV-ն։
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեր է Ալ-Սուէյտա նահանգին մէջ զինեալ հակամարտութիւնը լուծելու եւ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ բանակային ուժեր շրջան ղրկելու քայլեր առնելու։
Բանակային ուժերու շրջան մուտքէն ետք բախումները շարունակուած են։ Սուրիական բանակը եւս ունի զոհեր։
Նահանգապետ Մուստաֆա Ալ-Պաքուր կոչ ըրած է բնակիչներուն արձագանքել միջադէպին լուծման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն։
Իսկ Տիւրզի համայնքի հոգեւոր ղեկավարութիւնը կոչ ըրած է անյապաղ զինադուլ հաստատել եւ պահանջած է ապահով դարձնել Դամասկոս-Սուէյտա ճամբան։







Մեկնաբանէ