ԵՈՒՆԵՍՔՈՅ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 47րդ նստաշրջանին (Փարիզ) քննարկուեր եւ հաւանութեան արժանացեր են Հայաստանի կողմէ ներկայացուած 2 դիմումները՝ «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ Քարերու սիմֆոնիան» ԵՈՒՆԵՍԿՈՅ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ներառելու մասին: «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւնը» եւ Կոտայքի մարզի «Գառնի հնագիտական համալիրը եւ «Քարերու սիմֆոնիան»» ԵՈՒՆԵՍՔՈՅ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ Հայաստանի կողմէ գրանցուող 6-րդ եւ 7-րդ դիմումներն են: Առաջին 4-ը գրանցուած են 1995ին՝ Դուին քաղաքի հնավայրը, Երերոյքի տաճարը եւ հնավայրը, Նորավանքը եւ Ամաղի գետի վերին հովիտը, Տաթեւի վանքը, Տաթեւի անապատը եւ Որոտան գետի հովիտի յարակից տարածքները, 5-րդը՝ 2024ին՝ Տիրինկատար հնավայրի վիշապաքարերը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ