
Հայագիտական միջազգային երկրորդ համաժողովը մեկնարկած է Յուլիս 9ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։
Քառօրեայ համաժողովին կը մասնակցին չորս տասնեակ երկիրներու գիտակրթական հաստատութիւններու հեղինակաւոր հայագէտներ եւ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ:
Հայագիտական միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս, Յուլիս 9ին, ժամը 19։00-ին տեղի ունեցաւ «Մէկ տարուայ յաւերժութիւնը-Բ. Մատենադարանի ձեռագրական համալրումները» խորագրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։







Մեկնաբանէ