«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան Քննչական կոմիտէի շէնքէն դուրս գալէ ետք լրագրողներուն հետ զրույցի ընթացքին յայտնած է որ իր նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է որ խափանման միջոց ընտրուած է երկիրէն բացակայելու արգելքը։

Յուլիս 7ին Հայաստանի Ազգային ժողովը կողմ էքուէարկած էր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Սէյրան Օհանեան եւ քարտուղար Արծուիկ Մինասեան անձեռնմխելիութենէ զրկելու։

Ըստ ներկայացուած փաստերու, Մինասեան 2016-2018 թուականներուն չարաշահած է Բնապահպանութեան նախարարի իր պաշտօնը, խոչընդոտելով իրաւական ընթացակարգերով ապօրինի հողատարածքի առգրաւման եւ մասնակցեր է անոր օրինականացման գործընթացին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ