Հայաստանի քարաթէի մանկապատանեկան մարզիկները 18 ոսկի մետալով վերադարձած են Յունաստանի Հալքիտիքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութենէն։

Հայաստանի մարզիկները շահած են 44 մետալ՝ 18 ոսկի, 11 արծաթ եւ 15 պրոնզ:

Եւրոպայի ախոյեանութեան արդիւնքներով ձեւաւորուած է Հայաստանի ազգային խումբը, որ Հոկտեմբեր 20-26 Սերպիոյ մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան։
Յիշեցնենք որ Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս 2500 պատանիներ կը կիրառեն այս մարզաձեւը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ