
Թրքական ոստիկանութիւնը 120 հոգի ձերբակալած է Իզմիրի քաղաքապետարանի պաշտօնէութենէն, կաշառակերութեան գործի հետաքննութեան համար, – կը յայտնէ Hurriyet։
Ձերբակալվածներու շարքին է Իզմիրի նախկին քաղաքապետ Թունճ Սոյէր եւ քաղաքապետարանին հետ առընչություն ունեցող İZBETON AŞ շինարարական ընկերութեան նախկին գործադիր տնօրէն Հեւալ Սաւաշ Քայան եւ քաղաքային վարչակազմի պաշտօնեաներ։
Նշուած ընկերութեանը մեծ լիազօրութիւններ ընձեռուած էին Իզմիրի մէջ 2020 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու եւ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու համար։







Մեկնաբանէ