Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլըն Յուլիս 1ին յայտարարեր է որ վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած է 342 անտառային հրդեհ, որոնցմէ վեցը տակաւին կը շարունակուի, կը հաղորդէ Haberler-ը:  

«Հինգ օրուայ ընթացքին բռնկուած է 342 հրդեհ։ Մանիսայի, Իզմիրի, Հաթայի եւ Անթաքիոյ մէջ վեց հրդեհ կը շարունակուի», – յայտներ է նախարարը:  

Եումաքլըն յաւելեր է որ Ատանա նահանգին մէջ բռնկոըած հրդեհը վերահսկողութեան տակ առնուած է, բայց հրդեհը մարելը ներկայիս շատ դժուար է զօրաւոր քամիներու պատճառով։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ