Ռուսիա անհանգստացած է որ աւելի քան երկու ժամ է ռուս դիւանագէտները Պաքուի մէջ ի վիճակի չեն կապ հաստատել Ռուսիոյ քաղաքացի լրագրողներոն հետ, յայտներ է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։

Ան տեղեկացուցած է որ ատրպէճանական կողմը առանց որեւէ հիմնաւորումի Ռուսիոյ դիւանագէտներուն արտօնութիւն չէ տուած մօտենալ ռուս լրագրողներուն։ 

Աւելի շուտ Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր իրաւապահ մարմիններու կողմէ «Sputnik Ատրպէյճան» լրատոըական գործակալութեան գրասենեակին մէջ խուզարկութիւններ կատարուած են։

Փետրուարին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր երկրի տարածքին Sputnik-ի գործունէութիւնը կասեցնելու մասին։

Այդուհանդերձ, գործակալութիւնն եւ անոր կայքը կը շարունակէին գործել;

Յիշեցնենք որ վերջին երկու օրերուն Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ձերբակալուած են բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ, անօրէն կեցութեան պատճառաբանութեամբ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ