
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին կոչ ըրած է մանրակրկիտ հետաքննութիւն բանալ այն լուրերուն շուրջ որ իսրայէլական անօդաչու սարքերը եւ օդանաւերը Իրանի օդային տարածքը ներխուժած են Ատրպէյճանէն, կը յայտնէ IRNA գործակալութիւնը։
Փեզեշքիան ընդգծած է որ Իրանը երբեք պատերազմ չէ սկսած եւ աւելցուցած որ Իսրայէլ գործած է միջազգային իրաւունքի խախտում, յարձակելով Իրանի վրա։
Իրանի նախագահը վերահաստատեր է Թեհրանի յանձնառութիւնը խաղաղ եւ յարգալից տարածաշրջանային յարաբերութիւններու, նշելով որ Իրանը կը ձգտի կայունութեան եւ կը յարգէ իր բոլոր հարևանների տարածքային ամբողջականութիւնը։







Մեկնաբանէ