Այս գրութիւնը Վիգէն Յովսէփեանի Delirium երգիծական պատմուածքներու շարքէն առնուած է։ (խմբագրութիւն)

Հազիւ փողոցի անկիւնը դարձած, նկատեցի որ Սինեմա Սարուլլային առջեւ իրար-անցում մը կայ։ Մօտենալով տեսայ որ Տիկին Մաքրուհին մայթին վրայ բոպիկ նստած է։ «Խէր ըլլայ, Տիկին Մաքրուհի, վիրաւո ՞ր ես» հարցուցի։ «Չէ, տղաս» պատասխանեց Մաքրուհին, «հոս նստած կօշիկներս կը փոխեմ որպէսզի բարձր կրունկներով Կուչչիներս հանեմ ու մարզանքի կօշիկներս հագուիմ» ըսաւ։ «Հիմա ժողովին որ երթամ, Կուչչի կօշիկիս կրունկով Ասորի Ժորժին գլուխը պիտի ծակեմ» աւելցուց։

Ես շարունակեցի ճամբաս, եւ նկատեցի որ խումբ մը մողէզներ հաւաքուած են սինեմային առջեւ եւ «Վաննէս հեռացի ՛ր» կը վանկարկեն։ Պարզուեցաւ որ Ղաննաս Վաննէսը, որ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին Ֆաննաս Վաննէս անունով կը ճանչցուէր, մողէզներու շրջանակին մէջ հանգանակութիւն կազմակերպած է, եւ հաւաքուած գումարը փոխանակ Արցախէն տեղահանուածներուն տրամադրելու, զայն տուած է ինքզինքին հերոսի հովեր տուող եւ իշու դէմքով մէկ տղեկի ՝ որ իր կարգին գումարը ներդրած է թմրեցուցիչներ աճեցնելու գործի մը մէջ։ Այս պատահածէն Ղաննաս Վաննէսը շատ զայրացած էր, քանի որ տղեկը այս գործէն իրեն բաժին չէ հանած, եւ քիչ անց արդէն գործարքը սնանկացած էր։ Վաննէսն ալ եկած ու մողէզներու շէֆին գանգատած էր, առաջարկելով որ անոնք բողոքի ցոյց մը կազմակերպեն, բայց մողէզները շփոթելով եւ իրենց քաղաքական ուղղութիւնը կորսնցուցած, բողոքը Վաննէսին դէմ կազմակերպած էին։

Ընդհանուր վիճակէն շատ մտահոգ, որոշեցի աճապարել դէպի «Կարէն Տեմիրճյանի անուան համալիր» , ուր գիտէի արդէն որ տարբեր վայրերէ ժամանած կարիճներու ընդհանուր ժողովը ընթացքի մէջ էր։ Ներս որ մտայ, տեսայ որ Սիկտիրիճի Հրաչը բեմին վրայ է եւ բոցավառ ճառ մը կը խօսի։ Վարէն աչքով ըրի որ ճառը անմիջապէս աւարտէ ու մօտս գայ, որպէսզի զինք ոտքիս տակ առնեմ, բայց ան շատ արագ խօսքը աւարտեց ու այծի մը պէս ցատկռտելով փախուստ տուաւ։

Ինծի մօտեցաւ Տիկին Մանուշակենց ճերմակ կատուն, որ ժողովին հրաւիրեալի կարգավիճակով կը մասնակցէր եւ որ հիմա մազերը մանշակագոյն ներկած էր, պատմելով թէ այս ժողովի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլար նոր ղեկավարի մը ընտրութիւնը, եւ ինծի հարց տուաւ թէ ես պատրա ՞ստ եմ կարիճներուն ղեկավարութիւնը ստանձնել։ Վստահեցուց որ այս կուսակցութեան մէջ ղեկավարութիւնը նուազագոյնը 25 տարուան ժամկէտով է, եւ առաջին 5 տարուան ընթացքին արդէն զիս անպայման պիզնէսով մը կը վարձատրեն։ Ես առարկեցի, ըսելով թէ կոկորդս բորբոքած է ու կը ցաւի, եւ ուրեմն ինծի համար անկարելի պիտի ըլլար օրը 24 ժամ ճառեր արտասանել։ «Դուն ալ սփիւռքահայ անպէտք մը դուրս եկար» ըսաւ կատուն եւ զայրացած հեռացաւ։

Յանկարծ մեծ աղմուկ մը բարձրացաւ Համալիրին միւս կողմը։ Ըստ երեւոյթին, խումբ մը սկիւռներ որոնք ծպտուած էին որպէս կարիճներ, փորձած էին բռնի ուժով կարիճներուն ղեկավարութիւնը զաւթել։ Անոնք յատուկ պաստառներով ներկայացած էին այս ժողովին, ուր գրուած կար իրենց «Տաքցուր, Փակցուր, Դիր, Դարձուր» հնամեայ լոզունգը։

Հազիւ այս խուճապը քիչ մը հանդարտած, մի քանի առնէտներ վազեցին մօտս, տեղեկացնելու համար թէ Տիկին Մաքրուհին իր Կուչչի կօշիկին կրունկով Ասորի Ժորժին գլխուն հարուածելու փոխարէն, սխալմամբ հարուածած է այդտեղ հիւրաբար ներկայ գտնուող Ճորճ Քլունիին գլխուն, Ճորճերու միջեւ չկարենալ զանազանելով. մանաւանդ որ, իր աչքերուն վրայ կատարուած քաթարաքթի գործողութիւնը անյաջող ընթացած ըլլալով, տեսողութեան 68 տոկոսը կորսնցուցած էր։ Վազեցի դէպքին վայրը, ու տեսայ թէ Տիկին Մաքրուհիին ձերբակալած են արդէն եւ շուտով կախաղան պիտի հանեն։ «Տղաս», ըսաւ Մաքրուհին խօսքը ինծի ուղղելով, «աչքդ պայուսակիս վրայ պահէ, հոն Կուչչի կօշիկներս կան»: Իր գլխաւոր մտահոգութիւնը այն էր որ իշու դէմքով տղեկը կը վերադառնայ, եւ կօշիկները կը գողնայ՝ միշտ ու միշտ Արցախցիներուն նուիրելու պատրուակով։ Աչքիս տակէն նկատեցի, որ պայուսակին կից նաեւ տոպրակ մը կայ, մէջն ալ մեծ ափսէ մը սուպէօրէկ։

Տիկին Մաքրուհիին վստահեցուցի որ անհոգ ըլլայ, եւ որ շատ շուտով արծիւի տեսողութեամբ մարտական տղայ մը պիտի գայ եւ իր կօշիկներուն տիրութիւն ընէ։ Մաքրուհին հազար անգամ շնորհակալութիւն յայտնելով, վերջին խնդրանք մը եւս ըրաւ ըսելով, «ափսոս որ օրին վզի մարզանքներ չեմ ըրած այս օրուան պատրաստ ըլլալու համար, բայց շատ պիտի խնդրէի որ կախաղան բարձրանալուս առիթով ինծի նուիրուած երգ մը գրես, եւ զայն տաս որ Սուփըր Սագօն երգէ»: Ըսի թէ չեմ խոստանար, բայց կարելիս կ՚ընեմ։

Վերցուցի ափսէ մը սուպէօրէկը, եւ հոն պահակ կանգնած մարտական կարիճի մը յանձնեցի, որպէսզի ինքն ալ իր կարգին ժողովականներուն բաժնէ։ Կարծես ինձմէ քիչ մը զզուած, մարտական կարիճը «հոս նայիր էմմի» ըսաւ խօսքը ինծի ուղղելով, «հոս պանիր ուտող չի կայ»: Եւ խրատեց որ գալ անգամ, եթէ պէօրէկ պիտի բերեմ, ան անպայման կանաչեղէնով պատրաստուած ըլլայ, եւ հետն ալ անպայման շիշ մըն ալ «Ղանթուս»:

Քիչ մը խանգարուած այս բոլոր եղածներէն, որոշեցի քալելով ուղղուիլ «Կացին» ճաշարանը, բայց փոխանակ Երեւանի մասնաճիւղը երթալու, սխալմամբ Կլէնտէյլի մասնաճիւղը հասայ։ Քանի որ մտած էի արդէն, ընկերոջս Մայք Սարյանին փնտռեցի ՝ ըսին թէ հոն չէ։ Փոխարէնը, ինծի ծանօթացուցին քովի սեղանին մօտ նստած մէկ այլ Մայքի մը, Մայք Թայսընին, որ խեղդելու չափ պինդ գրկեց զիս, ըսելով թէ ինքը մեծապէս կը գնահատէ բանաստեղծութիւններս, եւ որ անպայման շարունակեմ գրել արեւմտահայերէնով, քանի որ ինքը որպէս Մարաշցիի թոռ, բռնցքամարտի մրցումներէն ճիշտ առաջ միշտ արեւմտահայերէն գրութիւններ կը կարդայ եւ անոնցմէ մեծապէս կը ներշնչուի։ Իմ ներկայութիւնէս յուզուած, ան ճաշարանի նուագախումբէն խնդրեց որ իմ պատուիս երգեն «Դուն էիր սերս անմար» երգը, բայց այդ երգի բառերուն ծանօթ չ՚ըլլալով, նուագախումբի երգիչը ինծի նուիրեց «Feelings» երգը, սակայն արաբերէն բառերով երգուած։

Հազիւ երկու պատառ պասթուրմա կերած եւ անուշեղէնը դեռ չպատուիրած, ինծի լուր հասաւ որ կարիճները յետ մահու իրենց ղեկավար ընտրած են Կաթօճի Նշանը, յանուն որուն ներկայացած ու ողջոյնի խօսք արտասանած է իր գործաւորներէն Ահմէտը, որ ներկայիս կը ներկայանայ Սախալլը Րաֆայէլ անունով։ Ան յայտարարած է թէ Կաթօճի Նշանին յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ, եւ ինքը պիտի շարունակէ Նշանին սուրբ գործը ընդդէմ կատուներու ղեկավար Տոքթոր Պապային, որ թէեւ կը կարծուէր թէ Նիկոլէն վախնալով հրապարակէն քաշուած է, բայց եւ այնպէս կը պարզուի որ ան տակաւին կը շարունակէ իրավիճակներ ստեղծել բոլորին կեանքը բարդացնելով։ Ահմէտը խոստանալով խոստացած է, որ իր ուժերուն արտօնածէն աւելիով, իր անկարելին պիտի ընէ, որպէսզի կարիճներուն կեդրոնատեղին փոխանդրէ Քանատա՝ ի պատրաստութիւն այս վերջինի ԱՄՆի 51րդ նահանգի վերածուելուն։ Կարիճները յոտնկայս եւ «հուռռա»ներով ողջունած են Ահմէտին այս ծրագիրը։

Այս լուրը շատ ցնցիչ ըլլալով, եւ քանի որ արդէն Կլէնտէյլ կը գտնուէի, որոշեցի երթալ Անուշավաճառ Սարգիսին քովէն պաղպաղակ մը ուտել՝ սիրտս պաղեցնելու համար։ Հազիւ խանութին առջեւ հասած, նկատեցի որ Պըրպէնքէն եկած սուր ակռաներով պողպատ ծամող մի քանի տղաք խանութը շրջապատած են։ Մօտեցայ անոնցմէ մէկուն, հետաքրքրուելով թէ ի ՞նչ էր պատահածը։ Տղան, որ ներկայացաւ Սարսախ Րոպէրթ անունով, բացատրեց թէ իրենց ունեցած հաւաստի տեղեկութիւններուն համաձայն, Անուշավաճար Սարգիսը երկու տեսակ պաղպաղակ կը ներածէ, մէկը Ռուսաստանէն, իսկ միւսը Թուրքիայէն։ Հետեւաբար, եկած են որպէսզի Թուրքիայէն ներածուած պաղպաղակի վաճառքը արգիլեն։ «Այս մարդը» ըսաւ Րոպէրթը Անուշավաճառ Սարգիսին ակնարկելով, «նիկոլական է»։ Առաջարկեցի որ երթան խանութի տիրոջ Սարգիսին հետ խօսին ու բացատրեն, բայց տղաքը անդրդուելի մնացին։

Ճիշտ այդ պահուն, ութը «Թեսլա» մակնիշի ինքնաշարժներով մեզի մօտեցան ինը կատուներ, ըսելու համար թէ Տոքթոր Պապային հրահանգով եկած են պողպատ ծամող տղոց զօրակցելու, բայց հոս հասնելէ ետք որոշած են իրենց հետախուզական գործունէութիւնը ընդարձակել, եւ թրքական պաղպաղակէն 23 քիլօ գնելով, հասցնել իրենց ղեկավարին՝ առ ի ուսումնասիրութիւն։ Այս պատահածէն մեծապէս վշտացած եւ յուսալքուած, Րոպէրթը պողպատ ծամող տղոց հրահանգեց նահանջել եւ տուն երթալ։ Իր խօսքը կատուներուն ուղղելով ըսաւ «եթէ մարդ էք, գալ անգամ ալ եկէք մեզի խանգարելու, եւ ա ՛յդ ատեն ձեր դասը կու տանք»: Բոլորին մեկնելէն ետք պարզուեցաւ որ Անուշավաճարին պաղպաղակ տրամադրող Կյումրեցի Արկիշդին կաշառած էր կատուներուն եւ իրենց շէֆին՝ յանուն հայ ազգին, Հայաստանին, եւ իր պիզնէսին։

Այս ամենէն խանգարուած ու սրտնեղած, որոշեցի պաղպաղակը չուտել, որպէսզի զիս կերած ժամանակս չի նկարեն եւ նկարը ֆէյսպուք չի տեղադրեն, որպէսզի այս անգամ ալ պարտադրանքի տակ չ՚ըլլամ փաստելու որ թրքական գործակալ չեմ։ Փոխարէնը, դէպի տուն ճամբուս վրայ Մեքսիքացի Խուլիոյին խանութէն ձմերուկ մը գնեցի եւ տուն ուղղուեցայ, բայց քանի որ Խուլիոն ինքը ետեւի սենեակը պահուըտած էր, իր կնոջ եւ զաւակներուն մաղթեցի որ բոլորով Թրամփին կողմէ չձերբակալուին, եւ 29 տարի Լոս Անճըլըս բնակելէ ետք հիմա ալ ետ Մեքսիքօ չ՚արտաքսուին։

Վիգէն Յովսէփեան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ