«Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան ձերբակալուեր է, յայտնած է անոր փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան։ 

Ան յայտնած է որ դատարանի որոշումով իրաւապահները խուզարկութիւն կատարած են Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կեցավայրը, որմէ ետք անոր ձերբակալած են եւ տարած քննչական կոմիտէ։ 

Նախօրէին քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր յայտնելով, որ «Սրբազան պայքար» շարժումին առաջնորդները ահաբեկչական եւ իշխանութիւնը զաւթելու գործողութիւններ  նախապատրաստած են։ Քննչական կոմիտէն նաեւ շարժումին ղեկավարներուն մասնակցութեամբ ձայնագրութիւններ հրապարակած է։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ