Վրաստանի ներքին գործերոց նախարար Կելա Կելաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունիս 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղազարեանի ընկերակցութեամբ։

Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրեն Լուսինէ Աբրահամեան, որ հիւրերուն ուղեկցած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ներկայացնելով անոր ստեղծման պատմությունը: Ան անդրադարձած է անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի Սումկայիթ, Գանձակ, Պաքու քաղաքներուն մէջ ատրպէճանի կառավարութեան կազմակերպած ջարդերուն զոհ գնացած հայերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն Հուշապատի դիմացի մասը յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներու պատմութիւններուն՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածի եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:

Երկու երկիրներու պաշտօնեաները ծաղկեպսակ դրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ապա հիւրերը ծաղիկներ դրած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեր են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ