
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գիրքի երեւանյան միջազգային փառատօնն ընդլայնուած է եւ 2025ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սիւնիքի եւ Շիրակի մէջ։
Փառատօնի պատշաճ իրականացման նպատակով յատկացուած է 19,1 միլիոն դրամ։
Մարզերու մէջ գիրքի միջազգային փառատօնի անցկացումը կրնայ նպաստավոր պայմաններ ստեղծել ստեղծագործական կարողութիւններու դրսեւորման եւ մշակութային կեանքի աշխուժացման համար եւ խթանել մշակութային կեանքի ապակեդրոնացումը, ընթերցանութեան մշակոյթի զարգացումը եւ տարածումը։
2017էն սկսեալ փառատօնը տեղի կ՛ունենար միայն Երեւանի մէջ։







Մեկնաբանէ