
Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ Ճիմ Շեննընը եւ Լորտ Ալթըն յայտարարութիւն տարածած են, արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը Արցախի գծով Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան։
Աւելի քան 110 բրիտանացի երեսփոխաններու անունով կատարուած յայտարարութիւնը կ։ողջունէ Զուիցերիոյ նախաձեռնութիւնը, ստեղծելու միջազգային խաղաղութեան հարթակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ շինիչ երկխօսութեան Ատրպէյճանի եւ Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան միջեւ։
Յայտարարութեան մէջ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականները շեշտած են հայ գաղթականներու վերադարձի իրաւունքի վերականգնման, մարդու հիմնական իրաւունքներու, կրօնի ազատութեան (ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքների հռչակագիրի 18րդ յօդուածով) պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման կարեւորութւնը։
Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը այս տարի պաշտօնապէս ընդունուած է երկրի խորհրդարանին կողմէ, պարտաւորեցնելով Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդին մէկ տարուայ ընթացքին հրաւիրել միջազգային խաղաղութեան համաժողով, որու նպատակն է՝ միջազգային վերահսկողութեան տակ կազմակերպել բանակցութիւններ, Արցախի հայերու անվտանգ եւ համախումբ վերադարձի շուրջ։
Նախաձեռնութեան իրագործումը խթանելու նպատակով 2025թ. Մայիս 26ին Պեռնի մէջ ստեղծուած է միջկուսակցական խորհրդարանական յանձնաժողով։







Մեկնաբանէ