
Ֆինլանդիայի խորհրդարանը Յունիսի 19ին քուէարկած է ի նպաստ Օթթաուայի համաձայնագիրէն դուրս գալու, որով կ՛արգելուի հակահետեւակային ականներու օգտագործումը, կուտակումը, արտադրութիւնը եւ փոխանցումը։
Համաձայնագիրէն հրաժարելու ի նպաստ քուէարկած է 157 երեսփոխան, դէմ եղած է 18 խորհրդարանական։
Որոշումը ընդունվուեր է Ֆինլանտայի պաշտպանութեան նախարարութեան զեկոյցին հիման վրայ։
Ֆինլանտա Օթթաուայի համաձայնագիրին միացած էր 2012ին։
Յունիսի 4ին Էսթոնիոյ խորհրդարանը նոյնպէս համաձայնութիւն տուաւ վերոնշեալ համաձայնագիրէն հրաժարելու։ Լատվիա, Լիթուանիա եւ Լեհաստան նոյնպէս սկսած են քննարկել Օթթաուայի համաձայնագիրէն հրաժարելու հարցը։







Մեկնաբանէ