
Ռուսիա եւ Ուքրանիա գերիներու փոխանակում կատարած են, կը տեղեկացնէ «Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը, հիմնուելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն։
Գերիներու փոխանակման մասին յայտարարեր է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Ան նշեր է որ վերադարձածներուն մեծ մասը գերութեան մէջ էր աւելի քան երկու տարի է։
«ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը կը նշէ որ ընդհանուր առմամբ, Ուքրանիա եւ Ռուսիա գերիներու երկու մեծածաւալ փոխանակում կատարած են։ Առաջինը տեղի ունեցած Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու առաջին փուլէն ետք։ Այդ փուլին երկու կողմերը ազատ արձակուած են 1000 բանտարկեալ։
Բացի այդ, Պոլսոյ մէջ կողմերը պայմանաւորուած են վերադարձնել զոհուած զինուորների մարմինները՝ «6000-ը 6000-ի դիմաց» ձեւաչափով։ Արդէն իսկ իրականացուած է երեք փուլ, որոնց ընթացքին վերադարձուած է 1200ական զոհուածի մարմին։







Մեկնաբանէ