
Յունիս 20ին կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Թուրքիա։ Այդ մասին X-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Ֆահրէթթին Ալթուն։
«Այցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Պոլսոյ մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին»,– կ՛ըսուի գրառման մէջ։
Յունիս 18ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Թուրքիա կատարելիք իր այցին, յայտարարած էր որ այցելութեան օրակարգի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւն կը հրապարակուի։ Ան ըսած էր որ իրօք այցը նախատեսուած է։







Մեկնաբանէ