Յունիս 21-22ին Գաւառի մէջ տեղի պիտի ունենայ Արհեստներու միջազգային փառատօնը, որ կը կազմակերպուի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի կողմէ՝ գործակցութեամբ Գաւառի համայնքապետարանին, ՝ «Երիտասարդները ստեղծում են համը. խոհարարութիւն եւ արհեստներ» խորագիրով։

Փառատօնի առաջին օրը տեղի կ՛ունենայ Ethno Colors խումբի ելոյթը, երկրորդ օրը՝ «Կամմա» խումբի մասնակցությամբ:

Պիտի ներկայացուին հայ եւ օտար վարպետներու ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, աւանդական ուտեստներ, խոհարարական մրցոյթ, լարախաղացութիւն, երգ ու պար, թաղիքէ գորգի ստեղծում, աւանդական խաղեր, թանգարանային ցուցադրութիւն եւայլն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ