Իրան պիտի չմասնակցի ԱՄՆ-ի հետ Յունիս 15ին նախատեսուած միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն:

Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակցութիւններու դադրեցումը կը վերաբերի ոչ միայն այս հանգրուանին, այլ Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ որեւէ այլ բանակցութեան։

Յունիս 13ի գիշերը Իսրայէլ հարուածած էր Իրանի տարածքը ինչպէս նաեւ միջուկային կեդրոնները։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրավիճակի վատթարացման պատասխանատուն համարած է Միացեալ Նահանգները։

ԱՄՆ պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիօն յայտարարեր է որ Միացեալ Նահանգները առընչութիւն չունին իսրայէլեան հարուածներուն հետ։

ԱՄՆի նախագահ Թրամփ յայտներ է որ տեղեակ եղած է յարձակումի ծրագիրի մասին եւ իր համար անակնկալ չէ եղած իսրայէլեան յարձակումը։ Ան յոյս յայտնած է որ չնայած ստեղծուած կացութեան, Իրանի հետ միջուկային ծրագիրի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ