
Հաուայեան կղզիներուն վրայ գտնուող Քիլաույա հրաբուխը, հիւսիսային անցքէն կրկին սկսեր է ժայթքիլ, կը յայտնէ The Associated Press։
Արտանետուած լաւայի բարձրութիւնը հասեր է աւելի քան 100 մեթրի։ ԱՄՆի երկրաբանական ծառայութեան Հաուայեան հրաբխային աստղադիտարանի գիտնականները նշեր են որ լաւայի բարձրութիւնը հաւանաբար աւելի կը մեծանայ։
Դեկտեմբեր 2ին Քիլաույա հրաբուխի ժայթքումին սկսելէն ի վեր այս մէկը արդէն 25րդ ժայթքումն է։ Վերջին վեց ամսուայ ընթացքին ժայթքումները պարբերաբար կը դադրին ապա կը վերսկսին։
Ժայթքումներու միջեւ եղող դադարները սովորաբար կը տեւեն քանի մը օր։







Մեկնաբանէ