NASA-ի եւ Փենթակոնի ներկայացուցիչները դիմեր են SpaceX-ի մրցակիցներուն, կոչ ուղղելով աւելի արագ հրթիռներ եւ տիեզերական սարքաւորումներ շահագործման ենթարկել Մասքի եւ Թրամփի միջեւ բանավէճէն ետք, կը գրէ The Washington Post։

NASA-ի աշխատակիցներէն մէկը թերթին պատմեր է որ սկիզբը անոնց վէճին հետեւիլը «հետաքրքրական» էր, սակայն երբ Մասքը սպառնացեր է Dragon տիեզերսնաւերը չօգտագործել իրավիճակը «իսկապէս սարսափելի» դարձած է: Մասքը հետագային հրաժարած է իր խօսքերէն, սակայն անոր յայտարարութիւնը «ապշեցուցած է» NASA-ի պաշտօնեաները, որովհետեւ տիեզերագնացներուն Միջազգային տիեզերակայան կը ղրկեն Crew DragonDragon տիեզերանաւերով, կ՛աւելցնէ The Washington Post:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ