
Հայաստան որպէս պատուոյ հիւր կը մասնակցի Ֆրանսայի Սէնթ Էթիէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 13-րդ միջազգային Տիզայն Պիենալէին, «Ծալք ու Ծաւալ» ցուցադրութեամբ:
Կը ներկայացուի Հայաստանի լեռնային քարտէզագրութիւնը, որ կը բացայայտէ աւելի քան 19 հայ ստեղծագործողներու եւ արուեստի կառոյցներու աշխատանքներու միջոցով։
Ցուցադրութիւնը համադրած են Նայիրի Խաչատուրեան (AHA collective), Ժան Ֆրանսուա Դինքճեանն ու Էլուա Շաֆայը (Normal Studio)։
Պիենալէն պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 22:







Մեկնաբանէ