Դիլիջան քաղաքը ճանչցուեր է միջոցառումներ կազմակերպելու համար լաւագոյն քաղաք, MICE Excellence Awards մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ 

Դիլիջանը մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած է Meet Dilijan նախաձեռնութեան կողմէ որ կը նպատակադրէ քաղաքի զարգացման, որպէս ժամանակակից MICE ուղղութիւն։

MICE Excellence Awards-ը զբօսաշրջութեան ամէնահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկն է, որ կ՛ընդգրկէ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ ԱՊՀ երկիրներու կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնները։

Այս տարի մրցոյթին մասնակցած են Վրաստան, Ղազախստան, Սերպիա, Ուքրանիա, Իւզբեքիստան, Պելառուսիա, ԱՄԷ, Լիտվա եւայլն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ