
Փաքիստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որ կ՛արգիլէ անչափահասներու ամուսնութիւնը մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ, կը տեղեկացնէ The Guardian։
Նոր օրէնքին համաձայն՝ ինչպէս աղջիկները, նոյնպէս ալ տղաները կրնան ամուսնանալ միայն 18 տարեկանէն ետք։ Օրէնքը խախտողները կրնան դատապարտուիլ եօթը տարուայ բանտարկութեան։
Օրինագիծի քննարկման ընթացքին խորհրդարանական Նասիմա Էհսան, որ կողմ է օրէնքին, խոստովաներ է որ ինքն անձամբ ամուսնացեր է 13 տարեկանին եւ առողջական խնդիրներ ունեցած կանուխ յղիութեան պատճառով։ Ան ընդգծեր է Փաքիստանի մէջ կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։







Մեկնաբանէ