«Սիվիլ Արթ» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը Պարտըրի ակումբի աջակցութեամբ մեկնարկած է «Յուսոյ Առագաստ» հեղինակային երգի միջազգային 11-րդ փառատօնը:

Նախընտրական փուլին պիտի ընդունուին դիմումները մինչեւ Յունիս15։

Նախնական ընտրութիւնը անցած դիմորդները պիտի մասնակցին  ընտրական փուլի եզրափակիչ համերգին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 20ին։

Փառատօնի սեւանեան փուլը, տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18-20 Գեղարքունիքի մարզի Շորժա գիւղին հարակից «WishUp» հանգստեան գօտիին մէջ։ Այս տարի փառատօնը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկիրները. Պելառուսի, Պելճիքա, Գերմանիա, Էսթոնիա, Իսրայէլ, Լատվիա, Լեհաստան, Ուքրանիա, Ռուսիա, Սլովաքիա, Վրաստան, Ֆինլանտա, ԱՄՆ։

Փառատօնին հիմնական նպատակն է յայտնաբերել սկսնակ հեղինակ-կատարողներուն ու խթանել անոնց ստեղծագործական գործունէութիւնը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ