Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տեկոթինյի այցելեր է Սարդարապատի յուշահամալիր։ Այս մասին Ֆրանսայի դեսպանը գրեր է X-ի իր միքրոպլոքին մէջ։

«Այսօր՝ Մայիս 28-ին, կը նշենք պատերազմէն, ցեղասպանութենէն եւ կայսրութիւններէն մազապուրծ եղած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան (1918-1921) հռչակումը։ Կեցցէ՛ Հանրապետութիւնը եւ կեցցէ՛ ազատ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստանը»,-գրած է դեսպանը

Ուրիշ գրառումով Ֆրանսայի դեսպանը յայտնած է որ այցելեր է Սարդարապատի յուշահամալիր։

«Այսօր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողքին մենք ոգեկոչեցինք Սարդարապատի մէջ տարած յաղթանակով հնարաւոր դարձած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը (1918-1921)»։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ