Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով Եկեղեցիների համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Աւետարանական Եկեղեցին Մայիս 26-28 Պեռն քաղաքին մէջ կազմակերպած են «Կրօնական Ազատութիւն․ հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով։

Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնած է որ միջազգային դերակատար երկիրները եւ իրաւասու կառոյցները գործօն քայլերու կը ձեռնարկեն, ուղղուած Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, արցախահայութեան՝ իրենց հարազատ բնօրրան անվտանգ վերադարձի, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու արդար իրաւունքի վերականգնման եւ հայ գերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ