Քանատայի Քեպէք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ֆրանքոֆոն երկիրներու մշակոյթի նախարարներու համագումարին քննարկուած եւ որոշուած է հերթական՝ յաջորդ 6րդ համագումարը՝ 2027ին անցկացնել Հայաստանի մէջ։

Համագումարին մասնակցած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան:

Յաջորդ համագումարը Հայաստանի մէջ անցկացնելու Հայաստանի առաջարկը ընդունուեր է միաձայնութեամբ, որ պէտք է հաստատուի Ֆրանքո­ֆոնի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ