Սպանացի Ալոնսօ նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ։ Ան խումբը պիտի ստանձնէ Յունիս մէկին եւ պայմանագիրը կ՛աւարտի 30 Յունիս 2028ին։

Որպէս ֆութպոլիս Ալոնսօ մաս կազմած է մատրիտեան ակումբին, Լիվըրփուլին եւ Պայէրն Միւնիխին։ Ալոնսօ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ կատարած է 114 մրցում 2008ին եւ 2012ին դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, իսկ 2010ին աշխարհի ախոյեան։

Նախքան Ռէալին միանալը, Ալոնսօ 2022էն ի վեր կը մարզէր գերմանական Պայէր Լեւերքուզընը, որուն հետ շահած է Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը, բաժակը եւ սուփըրքափը։։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ