Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ներկայացուեցաւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Եոհաննէս Լեփսիուսի տուն-արխիւի գիտաշխատող Հայկ Մարտիրոսեանի հեղինակած «Մարդասիրութիւն Եւ Քրիստոնէական Գթասրտութիւն. Օսմանեան Կայսրութեան Հայերի Շրջանում Գործած Գերմանական Առաքելութիւնների Պատմութիւնը (1896–1919 թթ.)» գիրքը։

Հայկ Մարտիրոսյանը յայտնած է որ գիրքին մէջ ներկայացուած է համիտեան կոտորածներէն ետք մինչեւ համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտը՝ 1896-1919 թուականներին, Օսմանեան կայսրութեան գերմանական բոլոր առաքելութիւններու ծաւալած գործունէութիւնը

Գիրքը տպագրուած է Գերմանիոյ մէջ եւ առայժմ հասանելի է միայն գերմաներէն։ Գիրքը կարելի է ձեռք բերել նաեւ առցանց ինչպէս նաեւ տրամադրուած է համալսարաններուն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ