Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մերժած է Վատիկանի մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններ կատարելու գաղափարը։ Ան ըսած է թէ Իտալիան «թշնամական ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր է» եւ բացառեր է բանակցութիւններու նպատակով Վատիկան իր մեկնումին հնարաւորութիւնը, պատճառաբանելով որ իր անվտանգութիւնը ապահովուած չի  համարեր թշնամական ՆԱԹՕ-ի երկիր Իտալիոյ մէջ:
Փութին պնդած է որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կարելի է կատարել եւ իր մասնակցութիւնը հնարաւոր է եթէ այդ բանակցութիւնները տեղի ունենան Թուրքիոյ մէջ։
Յիշեցնենք որ Թուրքիա եւս «թշնամական ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր է»։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ