Բեմադրիչ Նաթալիա Միրզոյեանի «Ձմեռն անվերջ» ֆիլմը Քանի փառատօնին ստացեր է Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ` գրաւելով երրորդ մրցանակը, ներկայացուած աւելի քան 2400 ֆիլմերու մէջ։

Նշենք որ «Ձմեռն անվերջ» ֆիլմը ստեղծուած է Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան եւ Հայաստանի կինոյի հիմնադրամի պետական նիւթական աջակցութեամբ։

Ֆիլմին պատմութիւնը առնուած է Ս. Փեթերսպուրկի ընտանեկան զոյգի իրական պատմութենէ։ Դէպքերը կը սկսին ռուս-ուքրանական պատերազմի առաջին օրուընէ եւ ցոյց կու տայ իրադարձութիւնները այն մարդոց տեսանկիւնէն, որոնք Ռուսիոյ քաղաքացիներ են, բայց դէմ են պատերազմին։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ պատերազմի առաջին ամիսը եւ հերոսներուն հետագայ ճամբորդութիւնը դէպի Վրաստան։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ