ԱՄՆ-ը աւարտեր է B61-13 ռումբի արտադրութիւնը՝ վերափոխելով B61 ջերմամիջուկային ռումբը, յայտարարեր է ուժանիւթի նախարարութեան միջուկային անվտանգութեան ազգային գործակալութիւնը (NNSA)։

ԱՄՆի ուժանիւթի նախարար Քրիս Ռայթ յայտարարեր է որ երկրի միջուկային զինանոցի արդիականացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի նախագահ Թրամփի «խաղաղութիւն ուժի միջոցով օրակարգին համար»։

Յայտարարութենէն ի յայտ կու գայ որ նախագիծը իրագործուած է նախատեսուածին մէկ տարի առաջ։

B-61 միջուկային ռումբի նոր տարբերակի ստեղծումը հաւանութեան արժանացած էր 2023ին, իսկ նախատեսուած էր աշխատանքները աւարտել 2026ի գարնան:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ