Ռիօ Տը Ժընէյրոյի դատարանը Էտնալտօ Ռոտրիկէզին հեռացուց Պրազիլի ֆուտպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնէն։ Դատավճիռը յանգեցուց կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդի լուծարման։

Իրավիճակը կրնայ ներքին հետաքննութեան ծիրէն դուրս գալ, որովհետեւ ՖԻՖԱ-ն չարտօներ որ պետութիւնը միջամտէ ֆուտպոլին։
ՖԻՖԱ-ն սպառնացեր է Պրազիլին պատժամիջոցներով։ Մինչեւ 26 Մայիս պրազիլցիք պէտք է ՖԻՖԱ-ին ղրկեն իրենց խումբերու ցուցակները՝ Յունիսին տեղի ունենալիք Մոնտիալի զտումի խաղերուն մասնակցելու համար։

Այս հարցը կրնայ նոյնիսկ պատճառ դառնալ որ Պրազիլի ազգային խումբը զրկուի 2026ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունքէն։
Որոշումը պիտի ազդէ նաեւ Քարլօ Անճելոթիի վրա։ Ան պիտի ստանձնէ Պրազիլի ազգային խումբի մարզչի պաշտօնը 26 Մայիսին։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ