Պուքրէշի քաղաքապետ Նիքուշոր Տան յաղթած էՄայիս 18ին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին, կը հաղորդէ Reuters ։

Գրեթէ բոլոր քուէաթուղթերի հաշուարկի արդիւնքներով՝ Նիքուշոր Տան ստացած է ձայներու 54%-ը, իսկ իր մրցակից Ճորճէ Սիմիոն՝ 46%։

Նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին՝ Մայիս 4ին, Ճորճէ Սիմիոն ստացած էր ձայներու 41%-ը, իսկ Տան՝ 21%-ը։

Ռումանիոյ նախագահական ընտրութիւնները, որոնք տեղի ունեցած էին վեց ամիս առաջ, անվաւեր հռչակուեցան։ Այս որոշումը Պուքրէշը հիմնաւորած էր ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեամբ։ Մոսկուա հերքած է այդ լուրը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ