Իրանի կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Սաթար Հաշեմի եւ անոր չինացի գործընկեր Լի Լեչենկի միջեւ Փեքինի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, քննարկուած է երկու երկիրներու միջեւ արհեստագիտութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Հաշէմի Չինաստանը բնութագրած է որպէս Իրանի ռազմավարական գործընկեր եւ դաշնակից, իսկ Լի Լեչենկ ընդգծած է չին-իրանական պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Իրանը համարելով տարածաշրջանային ամէնակարեւոր գործընկերներէն մէկը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ