
Գորիսի Վաղարշ Վաղարշեանի անուան տրամաթիքական թատրոնը Տաճկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մասնակցեր է «Նավրուզ» մասնագիտական թատրոններու միջազգային փառատօնին:
Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ Տուշանպէի Ս. Աինիի անուան օփերայի եւ պալէտի պետական ակադեմիական թատրոնին մէջ բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ տրուեր է փառատօնի մեկնարկը։ Ներկայ գտնուած են Տաճկիստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարը, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, կարգ մը երկիրներու թատերական պատուիրակութիւններ եւ մշակութային գործիչներ։
Գորիսի Վաղարշ Վաղարշեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի դերասանները ներկայացուցած են «Միրհաւ»ը (հեղինակ՝ Ակսէլ Բակունց):
Արուեստի մէջ իր ունեցած դերակատարութեան, դերասանական եւ բեմական բարձր արհեստավարժութեան եւ նիւթին արդիականութեան համար «Միրհաւ» ներկայացումը արժանացեր է Շնորհակալագիրի։
Փառատօնին մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ղազախիստանի, Իւզպէքիստանի, Իրանի եւ Տաճկիստանի թատրոնները:







Մեկնաբանէ