
Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային Ուղիներ» համաձայնագիրի կառավարման խորհուրդի տարեկան նիստը: Խորհուրդը միաձայնութեամբ հաստատեր է 15րդ խորհրդակցական համաժողովը գումարել Հայաստանի մէջ, յայտներ է Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան ղեկավար Աստղիկ Մարաբեան:
Խորհրդակցական համաժողովը որպէս Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային Ուղիներ» ծրագիրի կարեւորագոյն իրադարձութիւն, կը կազմակերպուի համաձայնագիրի անդամ-պետութիւններէն մէկուն երկրին մէջ, իւրաքանչիւր տարի նոր թեմայի շուրջ համախմբելով «Մշակութային Ուղիներու» եւ անդամ-պետութիւններու շուրջ 300 ներկայացուցիչներու:
«Մշակութային Ուղիներ» ծրագիրը մեկնարկած է 1987ին, Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ:







Մեկնաբանէ