Ամսթըրտամի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Նիկողայոս տաճարին մէջ Մայիս 10-ին տեղի ունեցած է հայ մեծանուն մտածող, բանաստեղծ եւ աստուածաբան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարձրաքանդակ յուշատախտակի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են հայ համայնքի անդամներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքի հոգեւոր ու մշակութային առաջնորդներ։
Մասնակիցները շեշտեր են յուշատախտակի պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւնըմ զայն համարելով հայ համայնքի եւ Ամսթըրտամի միջեւ կապերու ամրապնդման խորհրդանիշ։ Նշուեր է նաեւ որ Նարեկացիի պատկերով այս յուշարձանը հայրենիքէն հեռու ապրող հայերու համար կը դառնայ ուխտավայր։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ