
Հայաստնի ԿԳՄՍ նախարարութեան մասնագիտական խումբը սկսած է այցելել բազմաթիւ յուշարձաններ։ Առաջին հանգրուանը եղած է Դդմաշէնի Ս. Թադէոս եկեղեցին, որ տեղացի բարերարի մը նախաձեռնութեամբ կը նախատեսուի նորոգել։
Պիտի նորոգուին եկեղեցւոյ շքամուտքերը, քիւերը եւ հետագային կատարուած ոչ-պատշաճ յարմարեցումները։
Մասնագէտները այցելած են նաեւ Նորատուս գիւղը գտնուող Եօթ աղբիւր ամրոցը, նոյնանուն գիւղատեղին, եկեղեցին եւ գերեզմատունը: Քննարկուեր են տարածքին մէջ հնագիտական պեղումներու հնարաւորութիւնը եւ համապատասխան ծրագիրի կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:







Մեկնաբանէ