Աշխարհին տեւաբար բարութեան եւ խաղաղութեան կոչ ընող HI AREV խումբը ունկնդիրներուն կը ներկայանայ սիրուած եւ բազմաթիւ բեմերէ հնչած «Փրկենք Աշխարհը» երգի տեսահոլովակով, որ արդէն հասանելի է:

Բեմադրիչ Նարեկ Յակոբեանցի տեսահոլովակը կոչ է յիշեցնելու որ մոլորակը մեր տունն է եւ անոր փրկութիւնը իւրաքանչիւրիս ձեռքերուն մէջ է։ Տեսահոլովակին մէջ նկարահանուած են HI AREV-ի փոքրիկ երգիչները։

HI AREV խումբի գեղարուեստական ղեկավար Թագուհի Գէորգեան կը նշէ որ տեսահոլովակի նկարահանման պահը հասունացած էր, երգը սիրուած էր ու պահանջուած. Երգը բարութեան եւ մոլորակի փրկութեան իրական կոչ է որ կը հնչէ աշխարհի ամէնամաքուր էակներուն՝ մանուկներուն կողմէ։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ