
Իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի տարբեր շրջաններ։ Բժշկական աղբիւրներ յայտնած են թէ վերջին 24 ժամերու յարձակումներու հետեւանքով սպաննուած է 40 հոգի, կը յայտնէ Al Jazeera։
Կազայի վրայ յարձակումներուն զուգահեռ, Իսրայէլ կը շարունակէ յարձակումները Արեւմտեան Ափի քաղաքներուն վրայ։
Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր տնօրէնը յայտարարած է որ բնակչութեան 91%-ը կը տառապի «սննդային ճգնաժամէ»՝ Իսրայելի կողմէ շարունակուող պաշարման եւ Մարտ 2էն մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելքի պատճառով։







Մեկնաբանէ