
Հիւսիսայնի Քորէացի շուրջ 600 զինուոր սպաննուած է եւ հազարաւորներ՝ վիրաւորուած են Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի ընթացքին, կը հաղորդէ հարաւքորէական Yonhap գործակալութիւնը:
«Հիւսիսային Քորէան Ռուսիա ղրկած է շուրջ 15 000 զինուոր, եւ անոնց կորուստները կը կազմեն մօտաւորապէս 4700 զինուոր, որոնցմէ 600ը՝ սպաննուած զոհված»։
Ապրիլ 28ին Հիւսիսային Քորքան առաջին անգամ ըլլալով հաստատած էր, որ զինուորներ ղրկած է Ռուսիա, Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մասնակցելու համար։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իր հերթին հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնած Կիմ Չեն Ընին Քուրսքի մարզի մարտերուն հիւսիսքորէացի զինուորներուն մասնակցութեան համար։







Մեկնաբանէ