
Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի առիթով Հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան թանգարանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ, Ապրիլ 29ին կը կազմակերպէ «Մի նկարի պատմութիւն» խորագիրով ցուցադրութիւն։
Ցուցադրութեան կ՛ուղեկցի «Հայ կինը՝ ցեղասպանության զոհ եւ հերոս» նիւթով ենթախորագրային պաստառներ, որոնք կը պատմեն Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ կնոջ ճակատագրին, փորձութիւններուն, հերոսութեան եւ տոկունութեան մասին։
Առանձին խորագիրներով ներկայացուած պիտի ըլլան մինչեւ ցեղասպանութիւնը հայ կնոջ կերպարը, անոր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հայ կանանց անհատական պատմութիւններ, որոնք դարձած են հայ ժողովուրդի պայքարի եւ վերածնունդի խորհրդանիշ։







Մեկնաբանէ