
Պանտար Ապպաս Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերու Թիւը Հասած է 40ի
Իրանի Պանտար Ապպաս քաղաքի Շահիտ Ռաժա նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին եւ անոր հետեւանքով առաջացած հրդեհին զոհերու թիւը հասած է 40ի իսկ վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 1000ը, կը հաղորդէ Mehr լրատուական գործակալութիւնը։
Ապրիլ 28ը Իրանի մէջ յայտարարուած է պաշտօնական սուգի օր։
Պայթումը տեղի ունեցած էր Ապրիլ 26ին, Շահիտ Ռաժա նաւահանգիստին մէջ, որ Իրանի բեռնարկղներու ամէնամեծ հանգոյցն է։







Մեկնաբանէ