Հնդկաստանը 1960ին Ինտուս գետի ջուրերի մասին Փաքիստանի հետ պայմանագիրի ստորագրումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով դադրեցուցած է Փաքիստանի ուղղութեամբ Ինտուս գետի ջուրի մատակարարումը՝ փակելով բոլոր 4 ջրարգելակները, կը յայտնէ ANI News գործակալութիւնը։

Փաքիստանի իշխանութիւնները յայտարարեր են որ Ինտուսի ջուրերի արգելափակումը կը դիտարկեն որպէս «պատերազմի նշան» եւ մտադիր են պատասխանել հնարաւոր բոլոր միջոցներով:


Յիշեցնենք որ Փաքիստան յայտարարեր էր որ երկիրը պատրաստ է Հնդկաստանի հետ պատերազմի: Նախօրէին հաղորդուած էր որ Հնդկաստան 48 ժամուայ ընթացքին պիտի արտաքսէ Փաքիստանի բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք Հնդկաստան կը գտնուին SAARC վիզային համակարգով:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ